image
Հրատապ լուրեր:

Անվերապահ զօրակցութիւն Հայոց քաջարի բանակին.ՍԴՀԿ

Անվերապահ զօրակցութիւն Հայոց քաջարի բանակին.ՍԴՀԿ

Կիրակի, 27 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամերէն սկսեալ, Ատրպէյճանական բանակը լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ սկսած է ամբողջ Արցախի սահմանի երկարութեամբ:

ՍԴՀԿ կեդրոնական Վարչութիւնը խստագոյնս կը դատապարտէ Ատրպէյճանի նախայարձակ ոտնձգութիւնները Արցախի դէմ: Ակնյայտ է, որ Ալիեւի բռնապետական վարչակարգի այս թշնամական արարքը ամբողջութեամբ ծրագրուած և համադրուած է Թուրքիոյ հետ և համահունչ է Թուրքիոյ նախագահ՝ Րէճէպ Թայիպ Էրտողանի ծաւալապաշտական ծրագիրներուն հետ: Հետեւաբար, այս պատերազմի և անոր հետեւանքներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրեն Ատրպէյճանը և Թուրքիան:  

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը իր ամբողջական եւ անվերապահ զօրակցութիւնը կը յայտնէ Հայաստանի և Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն և հայոց քաջարի բանակին: Միաժամանակ, իր ամբողջ կարողականութիւնը ի սպաս դնելով հայրենիքի պաշտպանութեան գործին:

Այս պահուն, կոչ կ'ուղղենք միջազգային ընտանիքին եւ Մինսկի խումբի անդամ պետութիւններուն, միջոցներ ձեռք առնել, որպէսզի անյապաղ կասեցուին ռազմական գործողութիւնները: Միաժամանակ, կը յորդորենք անոնց զանց ընել հակամարտող կողմերուն ուղղուած զսպուածութեան կոչերը և աներկբայօրէն դատապարտել Ատրպէյճանի և անոր բացայայտօրէն աջակցող Թուրքիոյ գործողութիւնները: 

Պահը օրհասական է և մենք զմեզ դէմ յանդիման կը գտնենք մահ ու կենաց պայքարի՝ ատելութեամբ տոգորուած թշնամիին դէմ: Հետեւաբար, մեզմէ կը պահանջուի առաւելագոյն զգօնութիւն, միասնականութիւն եւ համախմբում: Պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է, որ երբ վճռորոշ պահին եղած ենք միասնական, միշտ յաղթական դուրս եկած ենք:

Փա'ռք Հայ Ժողովուրդին, Փա'ռք Հայոց Բանակին:

Բիւ'ր յարգանք զոհուած մարտիկներու յիշատակին:

 

 Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութիւն

Սեպտեմբեր 27, 2020