image

Միացեալ Նահանգներ. Մահացած է գաղութային գործիչ Մանաս Պուճիքեան

Միացեալ Նահանգներ. Մահացած է գաղութային գործիչ Մանաս Պուճիքեան

Օրերս Լոս Անճելըսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ամերիկահայ գաղութային գործիչ՝ Մանաս Պուճիքեան: Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է ՀՅԴ Աէեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն։

Աղբիւրը կը նշէ, հանգուցեալը եղած է ՀՅԴ-ի վաստակաշատ անդամ, նուիրեալ գործիչ եւ առատաձեռն բարերար: Անոր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, համայնքին եւ Հայ Դատին մատուցած նպաստը եւ ներդրումները անհամար են:

Եղած է Հայ Մշակութային Հիմնարկի հիմնադիր անդամներէն. քաղաքական գործիչ մը, որուն մտապատկերը առաջնորդեց այսօրուան Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպման: Անոր առատաձեռնութիւնը տարածուած է համայնքի յառաջդիմութեան՝ ուսումնական հիմնարկներէն մշակութային կազմակերպութիւններու վրայ, եւ ան մեծ ճիգ թափած է հայ ժողովուրդի ձգտումներու իրականացման գործին մէջ:

Ան եղած է նաեւ «Ասպարէզ» օրաթերթին տասնամեակներով զօրավիգ կանգնողը եւ բարերարը: