image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանան. Ապահովական մարմիններ յայտնաբերած են 24 տարեկան երիտասարդի մը դին (Տեսանիւթ)

Լիբանան. Ապահովական մարմիններ յայտնաբերած են 24 տարեկան երիտասարդի մը դին (Տեսանիւթ)

Լիբանանի ապահովական մարմիններ յաջողած են յայտնաբերել կորսուած համարուող երիտասարդի մը դիակը։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Էլ. Պի.Սի. Այ.» կայանէն։

  Աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ յետ քննութեան յայտնի դարձած է,որ յայտնաբերուած դիակը կը պատկանի  1996 թուականի ծնունդ երիտասարդի մը։

 

 Կը կարծուի, որ երիտասարդը մաս կը կազմէր անօրինական ձեւով կիպրական ափ հասնիլ փորձողներու խումբի մը, որոնց մէկ մասը յայտարարուած է՝ կորսուած։

Վերջին օրերուն մասնաւորապէս Թրիփոլի քաղաքի ափերէն դէպի Կիպրոսի ափեր խոյս տալ փորձողներու թիւը երեւելի աճ գրանցած է եւ անշուշտ այդ մէկը կը վերագրուի Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր անհուսութեան  ընդհանուր մթնոլորտին։