image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանցի յայտնի ֆութպոլիստը ՝ զոհ «կոյր փամփուշտ»ի

Լիբանանցի յայտնի ֆութպոլիստը ՝ զոհ «կոյր փամփուշտ»ի

Լիբանանցի յայտնի ֆութպոլիստ Մոհամմէտ Աթուի մահացած է «կոյր փամփուշտ» մը ստանալու հետեւանքով։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Էլ Նաշրա» լրատուական կայքէն։

 

 Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Աթուի վիրաւորուած էր անցեալ ամիս Պէյրութի  «Թարիք Ժըտիտէ»  շրջանին  մէջ  եղած  կրակոցին հետեւանքով  եւ կը գտնուէր հիւանդանոցը՝ բժիշկներու խնամքին ներքեւ։ Ան մէկ ամիս տեւած անդուլ պայքարէ ետք ան կնքած է իր մահկանացուն։

 

 Նշենք, որ Աթուի մաս կը կազմէր լիբանանեան «Ալ Անսար» խումբին։