image

«Քորոնա»ն կը շարունակէ մոլեգնիլ. ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար

«Քորոնա»ն կը շարունակէ մոլեգնիլ. ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար

« «Քորոնա» ժահրի բռնկումը դուրս կու գայ վերահսկողութենէ»,- լրագրղներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշը: Կը հաղորդէ «Ռիա Նովոսթի»-ն։

Անոր խօսքերով՝ «Քորոնա» ժահրային համաճարակը վերածուած է ճգնաժամի, որ խիստ կը տարբերի մարդկութեան կեանքի նմանատիպ վիճակներէն:

Գլխաւոր քարտուղարը նշած է, որ շուտով «Քորոնա» ժահրի պատճառով կորսուած կեանքերու թիւը պիտի հատէ 1 միլիոնի սահմանը` համաճարակը համարելով «անվտանգութեան համար թիւ մէկ սպառնալիք»:

Կութերէշի խօսքերով՝ շատեր յոյսեր կը կապեն պատուաստանիւթի հետ, սակայն համաճարակի դէմ համադարման չկայ: Ան ընդգծած է, որ միայն  պատուաստանիւթը չի շտկեր իրավիճակը:

«Սակայն  պատուաստանիւթը պէտք է դիտարկել որպէս համաշխարհային հանրային բարիք, քանի որ COVID-19-ը սահմաններ չունի: Մեզի պէտք է պատվաստանիւթ՝ մատչելի գինով եւ մատչելի բոլորին: Պատուաստանիւթ բոլորի համար»,- աւելցուցած է Կութերէշը:

Ան կոչ ըրած է զգալիօրէն աւելցնելու նոր եւ գոյութիւն ունեցող գործիքները, որոնք կրնան օգնել հիւանդութեան դէմ պայքարին, յատկապէս յաջորդ 12 ամիսներու ընթացքին: