image
Հրատապ լուրեր:

Տաւութօղլուն հերթական անգամ քննադատած է Էրտողանը

Տաւութօղլուն հերթական անգամ քննադատած է Էրտողանը

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ եւ ընդդիմադիր «Ապագայի կուսակցութեան» առաջնորդ Ահմետ Տաւութօղլուն նախկին դաշնակից եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը հրաւիրած է հեռուստաբանավէճի, կը հաղորդէ Duvar-ը:

Տաւութօղլուի խօսքերով՝ եթէ իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը կ'ուզէ բանավիճիլ նոր ընդդիմադիր կուսակցութեան հետ, վերջինս պատրաստ է անոր:

Վերջին անգամ Էրտողանը քաղաքական հեռուստաբանավէճի մասնակցած է 2002 թուականին:

Տաւութօղլուն վարչապետ էր եւ իշխող ԱԶԿ-ի նախագահն էր 2014-2016 թուականներուն, մինչեւ վիճիլը Էրտողանի հետ եւ հեռանալը կուսակցութենէն, որ տեղի ունեցաւ անցեալ տարուան սեպտեմբերին, նախքան դեկտեմբերին մրցակից կուսակցութիւն ստեղծելը:

«Մենք կը պատասխանենք բոլոր մեղադրանքներուն եւ մէկ առ մէկ կը թուարկենք Էրտողանի սխալ քաղաքականութեան այլընտրանքը»,- ըսած է Տաւութօղլուն:

Ան քննադատած է կառավարութեան գործողութիւնները՝ «Քորոնա» ժահրի համավարակի վերաբերեալ՝ յայտարարելով, որ դրական արդիւնք ունեցող հիւանդները հասարակական փոխադրամիջոցով տուն կ'ուղարկեն, իսկ բուժաշխատողները կ'աշխատին մինչեւ ուժասպառ ըլլան:

Տաւութօղլուն նաեւ տնտեսական գործունէութեան համար հարուած հասցուցած է ԱԶԿ-ին՝ ըսելով, որ երկրի վարկային վարկանիշը իջած է աւելի ցած մակարդակի, քան 25 տարի առաջ էր: