image

Տխուր միջադէպ Լոս Անճելոսի մէջ. Մահացած է Հայկօ Նալպանտեանը

Տխուր միջադէպ  Լոս Անճելոսի մէջ. Մահացած է Հայկօ Նալպանտեանը

Տխուր միջադէպ մը արձանագրուած է Լոս Անճելոսի մէջ. զոհուած է ամերիկաբնակ  Հայկօ Նալպանտեանը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Միացեալ Նահանգներէն եւ մեր աղբիւրին ունեցած նախնական տուեալներով Հայկօ Նալպանտեան զոհուած է վէճի մը հետեւանքով տեղի ունեցած դանակահարութեան պատճառով։

Դէպքին մասին այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր։

Կը նշուի, որ  Հայաստանցի ծնողներու զաւակ Հայկօ Նալպանտեանը ծնած  էր Լոս Անճելոսի մէջ։

Անոր անունը քաջ յայտնի է երաժշտական ասպարէզի մէջ եղող շրջանակներուն համար, ուր Հայկոն հանդէս կու գար, որպէս հմուտ եւ վարպետ թմբկահար։