image

Բժշկական օժանդակութիւն՝ Հալէպահայութեան

Բժշկական օժանդակութիւն՝ Հալէպահայութեան

Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան բժշկական խումբը 24 Օգոստոս 2020-ին, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան հետ համագործակցութեամբ, Հալէպի բուժհաստատութիւններուն փոխանցած է աւելի քան 2 թոն բժշկական եւ առողջապահական պարագայ: Այս մասին կը փոխանցեն «Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոն» ՊՈԱԿ-էն:

Տեղի առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատունները իրենց երախտիքը յայտնած են հայ բժիշկներուն` տրամադրուած բժշկական պարագաներուն եւ «Հայ ծերանոց», «Դարմանատուն», «Բեթէլ» ընկերաբժշկական կեդրոններուն, շարք մը այլ բուժհաստատութիւններու մէջ ցուցաբերած բժշկական ամենօրեայ օժանդակութեան համար: Անոնց խօսքով՝ հայ եւ սուրիացի բժիշկները համատեղ ջանքեր կը գործադրեն տուժածներուն օգնելու համար:

Հիւանդանոցի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, առողջապահական մարմիններուն` առաջին իսկ օրերէն ցուցաբերած օգնութեան եւ աջակցութեան համար։

Հայաստանի մարդասիրական խումբը Սուրիոյ «Օգնութեան խաչ»-ի վարչութեան հետ համագործակցութեամբ՝ Հալէպի մէջ հայ համայնքին պատկանող «Ազգային պատսպարան» մանկատան սաներուն փոխանցած է անհրաժեշտ պարագաներ եւ սնունդ: Սուրիոյ «Օգնութեան խաչ»-ի վարչակազմը ողջունած եւ շնորհակալութիւն յայտնած է մարդասիրական խումբին այս դժուար պայմաններուն օգնութիւն ցուցաբերելու եւ երեխաներուն մասին մատծելու համար: