image
Հրատապ լուրեր:

«Աջակցութիւն հայրենադարձ գործարարներուն» ծրագրի մրցոյթ

«Աջակցութիւն հայրենադարձ գործարարներուն» ծրագրի մրցոյթ

Հայ օգնութեան ֆոնտը կը յայտարարէ պիզնես ծրագրերու մրցոյթ Մերձաւոր արեւելքի երկիրներէն /Սուրիա, Իրաք, Յորդանան, Լիբանան/ հայրենադարձած այն գործարարներուն համար, որոնք կը ծրագրեն իրենց պիզնեսը զարգացնել Հայաստանի մէջ:

Մրցոյթին կրնան դիմել վերջին չորս տարիներուն Հայաստան տեղափոխուած այն անձինք, որոնք ընտանեկան/փոքր պիզնես նախաձեռնած են Հայաստանի մէջ:

Մրցոյթի աւարտին պիտի ընտրուի մինչեւ 10 պիզնես առաջարկ։
ՀՕՖ յանձաժողովի կողմէն մրցութային հիմքով ընտրուած լաւագոյն պիզնես-ծրագիրները աջակցութիւն պիտի ստանան մինչեւ 1 200 000 (մէկ միլիոն երկու հարիւր հազար) ՀՀ դրամ, որուն մինչեւ 50%-ը պիտի տրամադրուի անտոկոս փոխառութեան եւ 50%-ը դրամաշնորհի տեսքով: Ծրագիրը կը հովանաւորուի Աթէզեան ընտանիքի կողմէն։
Դիմումները ներկայացնել մինչեւ 25 օգոստոս 2020-ը  Հայ օգնութեան ֆոնտի գրասենեակ, Երեւան, Խորենացի 22, հեռ: 060 526660 (ներքին համարը 119), կամ ուղարկել erik.baghdasaryan@far.am ել․ փոսթին։