image

Հայաստանի կառավարութեան օժանդակութիւնը սուրիահայ ընտանիքներուն. (Տեսանիւթ)

Հայաստանի կառավարութեան օժանդակութիւնը սուրիահայ ընտանիքներուն. (Տեսանիւթ)

Ուրբաթ, 21 Օգոստոս 2020-ին, Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանին մէջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան կողմէ տրամադրուած նիւթական օժանդակութիւնը բաշխուեցաւ Դամասկահայ ընտանիքներուն:

Դամասկոսի Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի եւ Սուրիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Տիար Տիգրան Գէորգեանի մասնակցութեամբ՝ Ազգ. Քաղաքական Ժողովի անդամները կատարեցին ընտանիքներուն արձանագրութիւնն ու կատարեցին օժանդակութեան բաշխումը: Այս ծրագիրով Դամասկոս եւ Հոմս քաղաքներուն մէջ մօտաւորապէս 300 հայ ընտանիքներ՝ կտորններու դրութեամբ կարելիութիւն պիտի ստանան պայմանաւորուած խանութներէն գնումներ կատարելու եւ ապահովելու իրենց սնունդի, դեղորայքի, մաքրութեան եւ այլ անհրաժեշտ պարագեները:
Յառաջիկայ շաբաթ Հոմսի մէջ հայ ընտանիքներ եւս պիտի ստանան ՀՀ Կառավարութեան օժանդակութիւնը:

Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի
Դամասկոս, 21 Օգոստոս 2020