image

«Աստծոյ կամքով ... պիտի ապրիմ» Բուժում ստացող Հալէպահայ բժիշկին սրտառուչ խօսքը

«Աստծոյ կամքով ... պիտի ապրիմ» Բուժում ստացող Հալէպահայ բժիշկին սրտառուչ խօսքը

 Հալէպահայ բժիշկ Ղազար Պօղոս դիմատետրի իր էջով սրտառուչ գրառում մը կատարած է եւ յոյս յայտնած, որ ծանր իրավիճակէն շուտով դուրս պիտի գայ։

 Բժիշկը մասնաւորապէս գրած է «1 օգոստոսէն ի վեր «Քորոնա»ով վարակուած եմ եւ վիճակս վատանալէն ետք փոխադրուած եմ Հալէպի «Ալ Քալիմա» հիւանդանոց։ Շնչառական դժուարութիւններ ունիմ, ու ամէն օր կը մեռնիմ ու դարձեալ կեանքին կը վերադառնամ... Կամօքն Աստծոյ այս ծանր փուլէն ալ դուրս պիտի գամ...»։

 

 Նշենք, որ բժիշկ Ղազար Պօղոս  մասնագէտ  սրտաբան է եւ ան մէկն է Հալէպի մէջ գործող տասնեակ այն բժիշկներէն, որոնք վարակուած են «Քորոնա»ով։