image
Հրատապ լուրեր:

Այն լիբանանահայերը, որոնք կը փափաքին Արցախ հաստատուիլ օգնութիւն պիտի ստանան

Այն լիբանանահայերը, որոնք կը փափաքին Արցախ հաստատուիլ  օգնութիւն պիտի ստանան

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեանը խոստացած է օգնել այն լիբանանահայերուն, որոնք Արցախի մէջ բնակութիւն հաստատելու ցանկութիւն կը յայտնեն: «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ այս մասին Արշամեանն ըսած է 12 օգոստոսին կազմակերպուած առցանց քննարկման ընթացքին:

«Եթէ Լիբանան բնակող մեր հայրենակիցներէն ոեւէ մէկը կը փափաքի բնակութիւն հաստատել Արցախի մէջ, ես անձամբ այդ հարցը կը լուծեմ»,- ըսած է Արշամեանը:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը յիշեցուցած է, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը յայտարարածլ էր Լիբանանէն Արցախ տեղափոխուելու ցանկութիւն յայտնողներուն բոլոր պայմաններով ապահովելու պատրաստակամութեան մասին: