image

Լիբանանահայութեան ի նպաստ դրամահաւաք Արցախի մէջ

Լիբանանահայութեան ի նպաստ դրամահաւաք Արցախի մէջ

12 օգոսոտոսին, տեղի ունեցած է ԱՀ Նախագահի հրամանով ձեւաւորուած Լիբանանի հայկական համայնքին ֆինանսական եւ նիւթական օգնութեն շտապի անդրանիկ նիստը:

 

Շտապի ղեկավար ԱՀ նախագահի գլխաւոր խորհրդական –յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Ռուդիկ Հիւսնունցը նշած է, որ, հաշուի առնելով լիբանանահայութեան պահանջները, ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու համար բացի պարէնային աջակցութենէն, մեկնարկած է նաեւ դրամահաւաք: Անոր խօսքով` ԱՀ ելեւմուտքի նախարարութեան գանձապետարանին մէջ արդէն իսկ բացուած են հաշուեհամարներ եւ բոլոր պետական եւ ոչ պետական կազմակերպութիւնները, գործարար աշխարհի ներկայացուցիչները, անհատ-քաղաքացիները 12 օգոսոտոս սկսած կրնան այդ հաշուեհամարներուն փոխանցել իրենց նուիրատուութիւնները:

 

 

Դրամահաւաքը պիտի տեւէ շուրջ մէկ ամիս եւ պարբերաբար հանրութեանն այդ մասին հաշուետուութիւն պիտի ներկայացուի: Այդ առիթով բացուած է նաեւ « #Արցախի_Ժողովրդից լիբանանահայերին» ֆէյսպուքեան էջը, ուր պիտի տեղադրուին շտապի գործունէութեան մասին իրազեկման եւ տեղեկատուական նիւթեր:

 

ԱՀ ելեւմուտքի նախարարութեան բացած հաշուեհամարներ են՝ «Արցախբանկ»-ի միջոցով.

 

AMD 22300612211100

USD 22300110153200

EUR 22300200153300

RUB 22300400153100