image

Հալէպ. Մահացած է ազգային գործիչ Վարդան Առաքելեանը

Հալէպ. Մահացած է ազգային գործիչ Վարդան Առաքելեանը

Հալէպահայ գաղութի  նուիրեալ անդամներէն Վարդան Առաքելեան իր մահկանացուն կնքած է։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն  ստացաւ  Երեւան հաստատուած հալէպահայ՝ Հրայր Ակիլեանէն։

Կը նշուի նաեւ, որ հանգուցեալը ազգային-հասարակական գործունէութիւն ծաւալած անձնաւորութիւն եղած է եւ գործած Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ինչպէս նաեւ Բերիոյ Թեմի առաջնորդարանի շրջանակներուն մէջ։

 Հանգուցեալը ծնած էր 1956 թուականին Տէր Զօրի մէջ։