image

Եզակի տեսանիւթ. Աւետիս Ահարոնեան Փարիզի մէջ. Հայոց վիշտի եւ ազատութեան մեծ երգիչը

Եզակի տեսանիւթ. Աւետիս Ահարոնեան Փարիզի մէջ. Հայոց վիշտի եւ ազատութեան մեծ երգիչը

Տեսանիւթով Փարիզի Խաղաղութեան համաժողովին Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար՝ Աւետիս Ահարոնեանի ուղերձն է (Փարիզ, 1930): Ինչպէս յայտնի է, Աւետիս Ահարոնեան Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ, 10 Օգոստոս, 1920 թուականին, ստորագրած է Սեւրի դաշնագիրը։ 

«Հայոց մեծ վիշտի եւ ազատութեան երգիչ» բնորոշումը ստացած գրող, հասարակական եւ քաղաքական գործիչ՝ Աւետիս Ահարոնեան, այդ պատմական իրողութենէն տասը տարի ետք, կ'ողջունէ իր «հայրենակարօտ» հայրենակիցները, կը վերյիշէ անցեալն  ու կարեւորութիւն կու տայ Սեւրի դաշնագիրի գոյութեան: Ան, նաեւ առանց անուն տալու,  կը մատնանշէ Ամերիկայի Միացեալ նահանգներու նախագահներէն՝ Ուուտրօ Ուիլսընը,  ըսելով, թէ ան եղած է ԱՄՆ-ի այն նախագահներէն,  որ դրական մօտեցում ունեցած էր հայկական խնդրին վերաբերեալ ու գծած էր նոր Հայաստանի սահմանները: 

Եզակի այս տեսանիւթը կը պահպանուի Հարաւային Քալիֆորնիոյ գրադարանին մէջ.  այսօր, Սեւրի դաշնագրի 100-ամեակին առթիւ, զայն  տարածած է Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանատունը: