image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկացիներուն մեծ մասը դէմ է «Քովիտ-»ի դէմ պատուաստ ստանալուն

Ամերիկացիներուն մեծ մասը դէմ է «Քովիտ-»ի դէմ պատուաստ ստանալուն

ԱՄՆ-ի մէջ կատարուած ընկերային հարցման արդիւնքներուն համաձայն՝ երկրի բնակչութեան մէկ երրորդը դէմ է «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթ ստանալուն,  անգամ եթէ այն անվճար տրամադրուի եւ հաւանութեան արժանայ Սնունդի եւ դեղերու վարչութեան կողմէն, կը յայտնէ Daily Mail պարբերականը։

Այսպիսով՝ «Կելլափ» հասարակական կարծիքի ուսումնասիրման հիմնարկի կողմէ իրականացուած հարցման մասնակիցներուն 65 տոկոսը յայտնած է, որ կ'ընդունի պատուաստանիւթ ստանալու առաջարկը,  մինչդեռ 35 տոկոսը նշած է, որ կը հրաժարի անկէ։

Աղբիւրը մանրամասնած է, որ հարցման պատասխանները բաժանուած են ըստ կուսակցական, տարիքային, սեռային պատկանելիութեան, մաշկի գոյնի, բնակութեան շրջանի այլ յատկանիշներով տարբերող մարդոց կարծիքներու։ Ըստ այդմ՝ հանրապետականներու միայն 47 տոկոսը կողմ է պատուաստման, մինչդեռ դեմոկրատներու պարագային այս ցուցանիշը կը գերազանցէ 80 տոկոսը։

Նշուած է, որ ե՛ւ կանանց, ե՛ւ տղամարդոց 65 տոկոսը պատրաստ է պատուաստանիւթ ստանալ։ 30-64 տարիքային խումբին մէջ գտնուողները պատուաստուելու շատ աւելի քիչ պատրաստակամութիւն յայտնած են, քան 18-29 եւ 65-էն բարձր տարեկան անձինք։

 

Four-in-10 non-white Americans say they would also not get the vaccine despite the coronavirus affecting black and Hispanic people more than whites