image

Հայաստան ապրող լիբանանահայերը՝ Պէյրութի պայթումէն տուժած իրենց հարազատներուն մասին. «Ազատութիւն»

Հայաստան ապրող լիբանանահայերը՝  Պէյրութի պայթումէն տուժած իրենց հարազատներուն մասին. «Ազատութիւն»

Զուլալ Ծատուրեանը, որ երեխաներուն եւ ամուսինին հետ Պէյրութէն Երեւան տեղափոխուած է 3 տարի առաջ, «Ազատութեան» պատմած է  Պէյրութի իր հարազատներուն վիճակին մասին եւ իր ապրումներուն՝ պայթումէն ետք:

Բնակարանը, ուր մինչեւ նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումը ապրած են մայրը, հայրը եւ եղբայրը, գտնուած է նաւահանգիստէն ընդամէնը 400 մեթրի վրայ։ Սարսուռով կը յիշէ, թէ եղբայրը ինչպէս տեսակապի միջոցով ցոյց կու տար, թէ ինչ վիճակի մէջ յայտնուած են ընտանիքի անդամները:

«Մայրս կը գոռար, հայրս նստած չէր կրնար շարժիլ, ոտքերը ինչ եղած է, չենք գիտր: Պայթումի ճնշումէն գետին ինկած է, ինքն ալ չի գիտեր՝ ինչպէս: Շատ զօրաւոր ցաւեր ունի եւ պատռուածքներ ունի, որովհետեւ փշրուած ապակիները լեցուած են ոտքերուն: Դեռ շոքի մէջ են եւ անտուն, բարեկամներու մօտ են, չեն կրնար տունը մնալ, որովհետեւ մուտքի դուռը քանդուած է եւ ամբողջ պատուհանները չկան», - ըսած է Զուլալ Ծատուրեանը:

 

Մանրամասները՝ տեսանիւթին մէջ.