image
Հրատապ լուրեր:

«Աղօթենք Պէյրութի համար...» Քիմ Քարտաշեանի կոչը

«Աղօթենք Պէյրութի համար...» Քիմ Քարտաշեանի կոչը

Ռէալըթի-շոուի աստղ Քիմ Քարտաշեանը կոչ ըրած է աղօթելու Պէյրութի համար, ուր նախորդ օրը տեղի ունեցած է հզօր պայթում, որու հետեւանքով զոհուած է 135 մարդ: Քիմը Twitter-ի էջին կիսուած է #PrayForBeirut («Աղօթէ Պէյրութի համար») հեշթեկով:

Ինչպէս աւելի վաղ հաղորդուած էր, Պէյրութի նաւահանգստին մէջ տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով զոհերու թիւը հասած է 135-ի: Լիբանանի փրկարարները կը շարունակեն շէնքերու փլատակներուն տակ մարդոց որոնումները: RTE-ն կը յայտնէ, որ մօտ 5000 մարդ վնասուածքներ ստացած է, մօտ 250 000 մարդ անօթեւան մնացած է:

Զոհերու թիւը հաւանաբար պիտի աւելնայ։ Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունը յայտնած է, որ պայթած է 2750 թոն ամոնիումի նիթրաթ, որ բռնագրաւումէն ետք վեց տարի պահուած է նաւահանգիստի պահեստին մէջ: