image
Հրատապ լուրեր:

Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը յայտնէ, որ Ժագ Բարամագեանը զոհ գացած է Պէյրութի պայթումին

Ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը կը յայտնէ, որ Ժագ Բարամագեանը զոհ գացած է Պէյրութի պայթումին

Համազգայինի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը յայտնած է իր 2007-ի շրջանաւարտներէն Ժագ Բարամագեանի մահուան մասին:  Երիտասարդ հայ տղան զոհուած է 4 օգոստոսին՝ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետեւանքով: 

Աւելի վաղ յայտնած էինք քաղաքական գործիչ Նազար Նաճարեանի, քաղաքի կեդրոնի հիւանդանոցներէն մէկուն բուժքոյր Ճեսիքա Պէզճեանի, Տելիա Փափազեանի  մասին. անոնք բոլորը Պէյրութի  հայ զոհերն են: 

Նախնական տուեալներով, Պէյրութի մէջ 4 օգոստոսին զոհուած է 78 հոգի: Կան հազարաւոր վիրաւորներ: Պէյրութի մէջ այսօր սուգ յայտարարուած է: