image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ զոհուած է Տելիա Փափազեանը. ան 5-րդ հայ զոհն է

Պէյրութի մէջ զոհուած է Տելիա Փափազեանը. ան 5-րդ հայ զոհն է

Երկու երեխաներու մայր Տելիա Փափազեանն ընտանիքով կը բնակէր նաւահանգիստին շատ մօտ թաղամասի մէջ եւ զոհ գացած է 4 օգոստոսին Պէյրութի խոշոր պայթումին: Այս մասին «Արեւելք»ը տեղեկացաւ Լիբանանէն:

Ան պայթումէն զոհուած 5-րդ հայն է: Նաւահանգիստի հզօր պայթումը նախնական տուեալներով  70 մարդու կեանք խլած է:

Աւելի վաղ յայտնած էինք քաղաքական գործիչ Նազար Նաճարեանի, քաղաքի կեդրոնի հիւանդանոցներէն մէկուն բուժքոյր Ճեսիքա Պէզճեանի մահուան մասին,  եւս մէկ հայու՝ Ժագ Պարամաքեանի մահուան մասին յայտնած են հայկական լրատուամիջոցները: 

 

Պէյրութի մէջ այսօր սուգ յայտարարուած է: