image
Հրատապ լուրեր:

100 սփիւռքահայեր պիտի միանան ՀՀ կառավարութեան

100 սփիւռքահայեր պիտի միանան ՀՀ կառավարութեան

100 սփիւռքահայ «Ի գործ» ծրագրի շրջածիրէն ներս պիտի միանան Կառավարութեան եւ 1 տարիով աշխատանքի անցնին պետական համակարգի մէջ:

Ծրագիրը պիտի մեկնարկի սեպտեմբերի կէսէն:

«Դուրսի փորձերը բերել ու այստեղ իրար հետ խառնելը շատ հետաքրքիր ու շատ լաւ արդիւնք կու տայ: Մենք այդ զգացեր ենք մեր գրասենեակին մէջ: Եթէ կարողանանք այդ բազմապատկել, տարածել բլոր պետական գերատեսչութիւններուն մէջ, հինալի կ'ըլլայ»,-ըսած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի ղեկավար Սառա Անջարգոլեանը:

Անոր խօսքով, շուրջ 800 յայտ ստացած են եւ որոշած, որ 100 հոգի կրնան ընդգրկել. «Հիմա հարցազրոյցներն կ'իրականացնեն»: