Այգեպար գիւղին մէջ հրետակոծուած տուներէն մի քանին արդէն ամբողջութեամբ վերականգնուած են. մարզպետ Հայկ Չոպանեանը շրջած է գիւղին մէջ եւ ծանօթացած աշխատանքների ընթացքին: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ Տաւուշի մարզպետարանէն։
Հակառակորդի հրետակոծութենէն ամէնէն շատ տուժած գիւղին՝ Այգեպարի մէջ, կը շարունակուին վնասուած տուներու վերանորոգման աշխատանքները:
Տուներու վերանորոգման հետ զուգահեռ նաեւ մեկնարկած է գիւղամիջեան փողոցներու ասֆալթապատման աշխատանքները:
Մարզպետ Հայկ Չոպանեանը եղած է շինարարակամ հրապարակներ, զրուցած է քաղաքացիներուն հետ եւ գնահատած շինարարական աշխատանքներու ընթացքը: