image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկահայ բարերեր Ճորճ Բաղումեան 250 հազար ամն տոլար նուիրեց հայոց Բանակին

Ամերիկահայ բարերեր Ճորճ Բաղումեան 250 հազար ամն տոլար նուիրեց հայոց Բանակին

ՀՀ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանը հեռախօսազրոյց ունեցած է «Իմ քայլը» հիմնադրամի բարեկամ, ամերիկահայ գործարար, «PMA Venture Capital» խումբի հիմնադիր, բարերար Ճորճ Բաղումեանի հետ: Այս մասին Յակոբեանը գրած է «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին։

«15 յուլիսի երեկոյեան պայմանաւորուած էի հեռախօսազրոյց ունենալ  Բաղումեանի հետ, սակայն, ինչպէս յաճախ կը պատահի բազմազաւակ մայրիկներու հետ, երեխաներու խնամք, ճաշ, տնային այլ գործեր… մոռացեր էի հեռախօսազրոյցի մասին: Պայմանաւորուած ժամէն մէկ ժամ անց ես զանգեցի պարոն Բաղումեանին, ներողութիւն խնդրելու եւ հարցնելու, թէ ինչի մասին պէտք է խօսէինք: Եւ որքան մեծ էր իմ զարմանքը, երբ հեռախօսի այն կողմէն լսեցի հետեաեալը. «Աննա, ես քեզի պէտք է քառորդ միլիոն տոլար փոխանցեմ մեր զինուորներուն, մեր պաշտպաններուն համար»: Սա 15 յուլիսն էր, այսինքն հայ-ատրպէյճանական սահմանային լարուածութեան շրջանին»,- նշած է Աննա Յակոբեանը։
Ան յայտնած է, որ որեւէ այլ օր, այդ խօսքերը կ'ընկալուէին որպէս հերթական բարեգործութիւն, գնահատելի նախաձեռնութիւն, սակայն այդ պահին անոնք անգնահատելի էին, որովհետեւ ոչ այնքան նիւթական նշանակութիւն ունէին, որքան բարոյահոգեբանական:

«Չեք պատկերացներ, թէ որքան կարեւոր է նման պահի թիկունքին ուժ, յենարան, աջակցութիւն զգալը: Ես, ի հարկէ, պարոն Բաղումեանին շնորհակալութիւն յայտնեցի, թէեւ վստահ եմ` բառերով չկարողացայ արտայայտել զգացածս: Առաջարկեցի հետեւեալը, որ մենք կը մտածենք տարբեր ծրագիրներ, իրեն կը ներկայացնենք, եւ ինքը կ'ընտրէ, թէ ճիշդ ինչ եղանակով մեր պաշտպաններուն հասնի այդ գումարը»,- գրած է վարչապետի տիկինը:

Անոր խօսքով՝ Բաղումեանն իրեն ըսած է, որ իրեն ոչինչ ներկայացնելու կարիք կայ եւ ինքը կը վստահի զինք եւ 250 հազար տոլարը շուտով պիտի փոխանցէ «Իմ քայլը» հիմնադրամին` հայրենիքի պաշտպաններուն հասցէագրելու համար: