image

«Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած 41-ամեայ Ռաֆայէլ Կիւլասարեանը ՊԵԿ-ի աշխատակից էր

«Քորոնա»ի հետեւանքով մահացած 41-ամեայ Ռաֆայէլ Կիւլասարեանը ՊԵԿ-ի աշխատակից էր

Խոր ցաւով կը յայտնենք, որ 41 տարեկան հասակին կեանքէն անժամանակ հեռացած է փորձառու մասնագէտ եւ պատասխանատու աշխատակից ՀՀ ՊԵԿ հետաքննութեան եւ հետախուզութեան վարչութեան ոլորտային թիւ 9 բաժնի պետ Ռաֆայէլ Կիւլասարեանը: Այս մասին կը յայտնեն ՊԵԿ-էն:

Ան կարեւոր ներդրում ունեցած է Պետական եկամուտներու կոմիտէի գործունէութեան մէջ: Նշենք, որ Ռաֆայէլ Կիւլասարեանի մօտ հաստատուած էր «Քորոնա» ժահրային հիւանդութիւն:

ՊԵԿ անձնակազմը կը ցաւակցի Ռաֆյէլ Կիւլասարեանի ընտանիքին, հարազատներուն եւ գործընկերներուն։