image

Հայերու դէմ յարձակում կատարած ատրպէյճանցին ներողութիւն խնդրած է

Հայերու դէմ յարձակում կատարած ատրպէյճանցին ներողութիւն խնդրած է

Մոսկուայի մէջ հայու պատկանող սրճարանին վրայ յարձակող 4 ատրպէյճանցիներէն մէկը զղջացած է եւ ներողութիւն խնդրած իր արարքի համար: Այս մասին տեսանիւթ տարածած է ֆեյսպուքեան օգտատէր Արթուր Եղիազարեանը:

«Սա երէկ Մոսկուայի մէջ հայու պատկանող սրճարանին վրայ յարձակող 4 ատրպէյճանցիներէն մէկն է, որոնց, ինքնապաշտպանութեան դիմելով՝ 2 հայ երիտասարդներ «քոթակ» տուին ու վռնտեցին։ Այսօր սա կը զղջայ իր արարքին համար:

Կը կարծեմ, որ գիտակցութեան աշխատելու արդիւնք չէ զղջալը, այլ՝ «զղջացնելու» »,- գրած է ան։