image
Հրատապ լուրեր:

ՀՀ Ազգային Գրադարանի կայքը պիտի վերականգնուի

ՀՀ Ազգային Գրադարանի կայքը պիտի վերականգնուի

Մասնագէտները կ'աշխատին Հայաստանի ազգային գրադարանի կայքի վերականգնման ուղղութեամբ:

Այս մասին «Արմէնփրես»-ին յայտնեցին գրադարանի հանրութեան հետ կապերու բաժինէն:

Աւելի վաղ գրադարանի տնօրէն՝ Հրաչեայ Սարիբեկեան «Ֆէյսպուք»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրած էր, որ 24 յուլիսի կէսօրին, Հայաստանի ազգային գրադարանի կայքը ամենայն հաւանականությամբ ենթարկուած է համակարգչային յարձակման (Cyber attack), որուն հետեւանքով այն դարձած է անհասանելի: «Մեր մասնագէտները հնարաւորինս սեղմ ժամկէտներով կը վերականգնեն զայն: Սիրելի՛ ընթերցողներ, կը հայցենք ձեր ներողամտութիւնը»,-նշած է Սարիբեկեան:

Նոր ձեւաւորումով կայքը գործարկուած էր մօտ մէկ ամիս առաջ: Կայքը ունի ժամանակակից, գեղեցիկ ձեւաւորում, ճկուն որոնողական համակարգ: Այն եռալեզու է՝ հայերէն, ռուսերէն եւ անգլերէն: nla.am կայքին մէջ ներառուած է «Նորութիւններ» բաժինը, ուր տեղ կը գտնեն գրական, գրադարանային կեանքին վերաբերող տարատեսակ նիւթեր, հրապարակումներ գրադարանի հիւրերուն եւ նոր գրքերու համալրումներու մասին:

Կայքին մէջ պիտի ներկայացուին նաեւ ամէն ամսուայ ամենաընթերցուած գրքերու տասնեակը: Այդ հնարաւորութիւն կու տայ տեսնելու, թէ գրադարանին մէջ ինչ գրքեր կը կարդացուին, ինչ որ կը նպաստէ գիրքի հանրահռչակման, որ գրադարանի կարեւորագոյն գործառոյթներէն է: