image
Հրատապ լուրեր:

Պոլսահայ յայտնի գրող Վարդ Շիկահեր ոչ եւս է

Պոլսահայ յայտնի գրող Վարդ Շիկահեր ոչ եւս է

Պոլսոյ մէջ, 94 տարեկանին, կեանքէն հեռացած է Պոլսոյ մտաւորականութեան վառ ներկայացուցիչներէն մէկը՝ Վարդ Շիկահերը:

Վարդ Շիկահեր ծնած է Պոլիս։ Դպրոցական տարիներուն թղթակցած է  «Մարմարա» թերթին։ 1944 թուականին աւարտած է Վենետիկի Մխիթարեան վարժարանը, 1951-1957 թուականներուն ուսանած է Պոլսոյ համալսարանի բժշկական բաժինը՝ ստանալով սրտի եւ ներքին հիւանդութիւններու մասնագէտի որակաւորում։ 1944-1981 թուականներուն դասաւանդած է Պոլսոյ Մխիթարեան, Եսայեան եւ Ֆերիգիւղի միջնակարգ վարժարաններուն մէջ։  Ան գրած է բանաստեղծութիւններ եւ բազմաթիւ  բանաստեղծական գրքերու հեղինակն է: Հրատարակած է նաեւ բժշկագիտական՝ («Կիսադարեայ պատմութիւն թրքահայ բժշկութեան», 1923-1975, «Մեր կենսաբանական ցաւերը եւ Աննա Ասլանի նիւթ Н-3», 1964) եւ յուշագրական ուսումնասիրութիւններ («Մխիթարեանի պարտէզէն», 1992):