Թշնամիի կրակով նահատակուած հայոց բանակի Աւագ Գնդապետ 31-ամեայ Գարուշ Համբարձումեանը Տաւուշի Բերդ համայնքի բնակիչ էր։
Ան ամուսնացած էր եւ հայր մէկ զաւակի։
Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է News.am կայքը յղում կատարելով իր աղբիւրներուն։
Կը նշուի նաեւ, որ նահատակ սպան մասնակցած է 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեային եւ ՊՆ-ի կողմէն ներկայացուած լաւագոյն զինածառայողներու եւ սպաներու շարքին։
Աւելի ուշ «Արեւելք» յայտնած էր, որ այսօր տեղի ունեցած մարտերուն ընթացքին նահատակուած են երկու սպաներ։