image

Թուրքիան աջակցութիւն յայտնած է Ատրպէյճանին

Թուրքիան աջակցութիւն յայտնած է Ատրպէյճանին

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն յայտարարութիւն տարածած է հայ-ատրպէյճանական սահմանային լարուածութեան վերաբերեալ՝ աջակցութիւն յայտնելով Ատրպէյճանին։

Լարուածութեան համար պատասխանատւութիւնը դնելով Հայաստանի վրայ՝ պաշտօնական Անգարան ցաւակցութիւն կը յայտնէ «ատրպէյճանցի եղբայրական ժողովուրդին՝ կրած կորուստներուն համար»։

Թուրքիոյ համոզմամբ՝ հայկական կողմը «պէտք է հրաժարի վտանգաւոր մարտավարութենէն եւ ընտրէ իրաւունքի ճանապարհը»:

Անգարան յայտարարած է, որ Հայաստանը «կը դիմէ արկածախնդրութեան՝ յանուն ձգտումներու, որոնք կը գերազանցեն սեփական կարողութիւնները եւ կը ստեղծեն խոչընդոտներ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան համար»։