image

Մինչեւ համաճարակի աւարտը Երեւանի մէջ շատրուանները պիտի չգործեն

Մինչեւ համաճարակի աւարտը Երեւանի մէջ շատրուանները պիտի չգործեն

Այս տարի պիտի չցայտեն Երեւան քաղաքի եւ մնացեալ մարզերու շատրուանները,  անոնք պիտի չգործեն մինչեւ համաճարակը վերանայ: Այս մասին ըսած է  Երեւանի քաղաքապետի մամլոյ խօսնակ Յակոբ Կարապետեանը:

Ան նշեց, որ այդ մէկը պայմանաւորուած է պարէտի որոշմամբ:

«Քաղաքապետարանը մարտ ամսուան վերջը ստացած է ուղեցոյց՝  տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանի ստորագրութեամբ, որուն կէտերէն մէկուն մէջ գրուած է «մինչեւ համաճարակային իրավիճակի վերջնական աւարտը կ'արգիլուի շատրուանային տնտեսութեան օգտագործումը»։

Կարապետեանի խօսքով որոշման հիմքերը բժշկագիտական տեսանկիւնէ արդարացի են, քանի որ այն  վարակի տարածման միջոց է,  կամ վտանգի գործօն։