Երէկ՝ 9 յուլիսին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ։
SHAMSHYAN.com-ի հաղորդմամբ «Արմենիա» հիւանդանոց տեղափոխուած է 3-ամեայ տղայ երեխայ, որ գիտակցութեան չգալով, մահացած է:
Երեխան հիւանդանոց տեղափոխուած է Վահագնի թաղամասէն, երբ դիւանագիտական համարանիշներով մեքենան վարող վարորդը յետընթաց կատարած է եւ անզգուշաբար վրաերթի ենթարկած երեխային։
Եւ վարորդն ալ երեխային տեղափոխած է հիւանդանոց։ Դէպքի վայր ժամանած են Երեւանի ճանապարհային ոստիկանութեան ծառայողները։
Փաստի առթիւ Ա․ Փարսադանեանի կողմէ յարուցուած է քրէական գործ ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 242 յօդուածի 2-րդ մասի յատկանիշներով։
Ոստիկանութիւնն ու քննչական բաժինը կը պարզեն մահացածի եւ վարորդի ինքնութիւնը։