image
Հրատապ լուրեր:

Սպիտակ Տան մամլոյ խօսնակը առաջին անգամ արտասանած է Ցեղասպանութիւն բառը

Սպիտակ Տան մամլոյ խօսնակը առաջին անգամ արտասանած է Ցեղասպանութիւն բառը

Սպիտակ տան մամլոյ խօսնակ Քայլէյ ՄքԷնընին 6 յուլիսին իր ամենօրեայ ճեպազրոյցի ժամանակ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին ՝ նշելով, որ այն վանտալիզմի զոհ դարձած է: «Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ Սպիտակ տան պաշտօնական կայքը կը վկայէ, որ ան խօսած է երկրին մէջ ցուցարարներու կողմէ յուշարձաններու ոչնչացման հետեւանքներու մասին: Խօսնակը նշած է՝ կը թուի, թէ պատմութեան վերաբերեալ զէրոյական պատկերացում կայ, երբ անոնք կը պղծեն Մաթիաս Պոլտուինի եւ Ճոն Ուիթիէրի ու Ուլիսըս Ս. Կրանթի արձանը:

«Ըստ երեւոյթին կայ պակասը հասկացողութեան եւ պատմութեան ճանաչողութեան, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, որ կը յիշատակէ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրներու զոհերը եւ գերիները՝ պղծումի կ՛ենթարկուի», - ըսած է խօսնակը ՝ ակնյայտօրէն անդրադառնալով վերջերս Քոլորատոյի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի պղծման: 

Յուշարձանը անցեալ ամիս ընկերային արդարութեան բողոքներու ընթացքին խուլիկաններու կողմէ ներկերով պղծածուած էր՝ այնտեղ գտնուող այլ յուշարձաններու հետ միասին:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախմբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանը նշած է՝ կրնանք ականատես ըլլալ, որ այս յայտարարութեան մէջ կան առաջին քայլերը` Հայոց Ցեղասպանութեան համընդհանուր ճանաչման համար: