image

Դժբախտ պատահար Երեւանի մէջ. Լիբանանահայ երիտասարդը ինքնասպան եղած է

Դժբախտ  պատահար Երեւանի մէջ.  Լիբանանահայ երիտասարդը ինքնասպան  եղած է

Երեւանի   մէջ  դժբախտ    պատահար մը եղած է: Երեւան հաստատուած լիբանանահայ երիտասարդ  մը   ինքնասպան եղած է։ Այս  մասին   տեղեկութիւնը  կը հաղորդէ «Շամշեան» կայքը։

Աղբիւրը   նաեւ կը նշէ, որ  երիտասարդը   ինքզինք վար  նետած է Երեւանի Քիեւեան  կամուրջէն։

Աւելի ուշ    դէպքի  վայր  հասած են ոստիկանութեան աշխատակիցներ    եւ պարզած, որ անձնասպանութիւն գործողը    35-ամեայ լիբանանահայ   Գրիգոր   Յ-ն է։