image

«Քովիտ 19»էն մահացած է հայրենի գիտնական՝ Ֆելիքս Հայրապետեանը

«Քովիտ 19»էն մահացած է հայրենի գիտնական՝ Ֆելիքս  Հայրապետեանը

Ֆրանսա-Հայաստան Առեւտրա-արդիւնաբերական պալատը (ՖՀԱԱՊ) խոր վշտով տեղեկացուցած է  կառոյցի գործադիր տնօրէն Տիկին Արուսեակ Լիւտի-Հայրապետեանի հօր անսպասելի մահուան մասին։

4 Յուլիսին, Երեւանի ժամանակով ժամը 10-ին, «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն մահացաւ ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի (ԳԱԱ) անդամ, գիտնական, երեւութաբանութեան եւ կենսաբանութեան բառարաններու եւ հետազօտութիւններու հեղինակ, Երեւանի պետական համալսարանի նախկին դասախօս, գիտութիւններու թեկնածու, դոկտոր-փրոֆէօր՝  Ֆելիքս Փառնակի Հայրապետեան: Անոր սիրտը դադրեցաւ բաբախելէ կրկնակի թոքաբորբի հետեւանքով, որ հաւանաբար COVID 19-ի արդիւնք էր:

«Հայրս բացառիկ մարդ էր: Օրինակելի ու պաշտելի ամուսին, հայր եւ պապիկ: Իր հայրենիքի իրական հայրենասէր, մարդու իրաւունքներու ու ազատութիւններու անսասան պաշտպան: Ան մինչեւ իր վերջին շունչը պայքարեցաւ իր գաղափարներու եւ մեր հայրենիքի աւելի լաւ ապագային համար: Իր անձնական ներդրումը Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական եւ առաջադէմ արժէքներու իրականացման գործին մէջ կարեւոր էր: Ան զիս կերտած է որպէս մարդ, քաղաքացի: Ես իրեն անսահման շնորհակալ եմ երջանիկ ու պաշտպանուած մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներու, որակեալ կրթութեան, հրաշալի ընթերցումներու ու կեանքի դասերու համար, մեծ բանավէճերուն, անմոռանալի ծիծաղին, ինչպէս նաեւ երջանկութեան ու ներդաշնակութեան մթնոլորտին համար, որ միշտ կը տիրէր մեր տան մէջ իր սիրոյ, նուիրուածութեան, մեծահոգութեան ու բացառիկ իմաստութեան շնորհիւ: Ան յաւերժ կը լուսաւորէ մեր սիրտերը»,-նշած է Արուսեակ Լիւտի-Հայրապետեան: