image

Արտակարգ դէպք Կիւմրիի մէջ. Տան մէջ կախուած գտնուած է 20-ամեայ ռուս զինուորի դին

Արտակարգ դէպք Կիւմրիի մէջ. Տան մէջ կախուած գտնուած է 20-ամեայ ռուս զինուորի դին

Շիրակի մարզին  մէջ ողբերգական դէպք մը տեղի ունեցած է. երէկ ժամը 16:30-էն 17:00-ի միջեւ, Կիւմրի քաղաքի ոստիկանութեան Մուշի բաժինը ահազանգ ստացած է, որ Մուշ թաղամասի Հալապեան փողոցի 8/1 շէնքի բնակարաններէն մէկուն ննջասենեակին մէջ տղամարդու կախուած դիակ կայ:

Ըստ Shamshyan.com-ին, նշուած հասցէն ժամանած է ոստիկանութեան Մուշի բաժնի  գործադիր խումբը:

Ոստիկաններն ու քննիչները ննջասենեակը յայտնաբերած են Ռուսաստանի Դաշնութեան քաղաքացի, 20 ամեայ Սալիխով Ս.-ի դիակը:

Նոյն աղբիւրին համաձայն, ան կը ծառայէր Կիւմրի տեղակայուած ՌԴ 102-րդ ռազմակայանին մէջ: Կը քննարկուի, թէ  եղած դէպքով Շիրակի մարզի քննչական վարչութիւնը պիտի զբաղի, կամ ռազմակայանի ներկայացուցիչները: