6 Յուլիսէն սկսեալ Լիբանանի քաղաքացիներ պիտի չկարողանան Կիպրոս մուտք գործել։
Այս մասին այսօր յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Լիբանանի մօտ Կիպրոսի դեսպանատունը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Կիպրոսի կառավարութիւնը, հաշուի առնելով Լիբանանի մէջ առկայ «Քորոնա» համավարակի ընդհանուր վիճակը եւ հիմնուելով Եւրոպական Միութեան որոշումներուն վրայ, որոշած է արգելք դնել Լիբանանեան անցագիր կրողներուն Կիպրոս մուտք գործելու վրայ:
Կը նշուի նաեւ այս որոշումը պիտի իրականացուի ցնոր տնօրինութեամբ, իսկ ինչ կը վերաբերի կիպրական քաղաքացիութիւն ունեցողներուն, ապա անոնք կրնան որեւէ ժամանակ Կիպրոս մուտք գործել։