image
Հրատապ լուրեր:

Լոնտոնաբնակ Զաւարեան եղբայրները 30 000 նորարարական դիմակներ ուղարկած են Հայաստան

Լոնտոնաբնակ Զաւարեան եղբայրները 30 000 նորարարական դիմակներ ուղարկած են Հայաստան

Լոնտոն ուսանող երկու հայ եղբայրներ՝ Ալեքսանտր եւ Կէորկի Զաւարեանները, միացած են Հայաստանի մէջ «Քորոնա» ժահրի ճգնաժամը յաղթահարելու գործին։

Ապրիրլին, անոնք իրենց դպրոցին մէկ անկիւնը վերածած են ժամանակաւոր արտադրամասի եւ առողջապահութեան ոլորտի աշխատողներուն համար երեսպատման պաշտպանիչ  դիմակներ արտադրած։

30 000 դիմակներու խմբաքանակը երէկ ուղարկուած է Հայաստան։ Երիտասարդները սկիզբը դիմակները կը տպէին իրենց դպրոցի 3D տպիչներով, այնուհետեւ «քրաուտֆանտինկ»ի շնորհիւ հայթայթած միջոցներով ստեղծած են դիմակներու արտադրութեան սարքաւորում։

Դիմակները Հայաստան պիտի հասնին 10 օրուան ընթացքին։