image

Պրազիլիոյ նախագահին անհասկանալի վարմունքը՝ վեթօ հանրային վայրերուն մէջ դիմակ կրելու օրէնքին դէմ

Պրազիլիոյ նախագահին անհասկանալի վարմունքը՝ վեթօ հանրային վայրերուն մէջ դիմակ կրելու օրէնքին դէմ

Պրազիլիոյ նախագահ Ժաիր Պոլսոնարուն վեթօ դրած է հասարակական վայրերու մէջ պարտադիր դիմակներ կրելու մասին օրէնքին վրայ, կը հաղորդէ BBC News-ը:

Պրազիլցիները այլեւս կարիք չեն ունենար դիմակներ կրելու, մասնաւորապէս, խանութներու, տաճարներու եւ դպրոցներու մէջ:

Ընկերային ցանցերուն մէջ ուղիղ հեռարձակման ժամանակ Պոլսոնարուն հրաժարած է լուրջ ճանչնալ  COVID-19-ի համավարակը։

Պոլսոնարուն մերժած էր այդ օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը՝ յայտարարելով, որ այս օրէնքի ընդունումը կրնայ սեփականութեան իրաւունքի խախտման յանգեցնել: Ան նաեւ վեթօ դրած է բնակչութեան անապահով զանգուածին դիմակներու պարտադիր բաժանման մասին օրէնքին վրայ։

Երկրի Քոնկրէսը 30 օր ժամանակ ունի՝ նախագահի կողմէ դրուած վեթոյի չեղարկման համար: