image

Լիբանանահայ տաղանդաւոր բեմադրիչ՝ Զօհրապ Եագուպեան ծանր եւ յաջող գործողութեան ենթարկուած

Լիբանանահայ  տաղանդաւոր բեմադրիչ՝ Զօհրապ Եագուպեան   ծանր եւ  յաջող  գործողութեան ենթարկուած

Լիբանանահայ  յայտնի  բեմադրիչ եւ դերասան  Զօհրապ Եագուպեան  ենթարկուած է   երիկամի   պատուաստման ծանր  գործողութեան։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  Լոս Անճելոսէն, ուր   Եագուպեան  հաստատուած    է վերջին տարիներուն։

Մեր  ունեցած տուեալներով     Եագուպեանի գործողութեան յաջողութեան հիմնական գրաւականը  եղած է անոր քրոջ՝  Ծովիկի   մասնակցութիւնը,  որ   իր  մէկ երիկամը    տրամադրած է   իր եղբօր։

 Այս  առթիւ «Արեւելք» ամբողջական  եւ շուտաբոյթ   ապաքինում մը մաղթէ       Զօհրապ Եագուպեանին, որ նաեւ մեր  թերթի մնայուն ընթերցողներէն  է

 Տողերու մէջ. Ո՞վ  է  Զօհրապ Եագուպեան

  Զօհրապ   Եագուպեան մարդն ու գործը    մեր  ընթերցողներու լայն շրջանակին ծանօթացնելու նպատակով «Արեւելք» դիմեց  ՝ Պէյրութ     տաղանդաւոր  այլ անունի մը ՝ Յարութիւն Գնդունիին (դարձեալ  բեմադրիչ եւ դերասան) որ հետամուտ է Լիբանանահայ թատրոնին մասին    արժէքաւոր  եւ տարողունակ հատոր մը  հրապարկելու։

 Պրն.  Գնդունի  ընդառաջելով մեր փափաքին «Արեւելք»ին    տրամադրեց     Զօհրապ Եագուպեանի  թատերական կեանքին մասին կարեւոր տեղեկութիւններ, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։

 

 Գնդունի կը գրէ՝ «Զօհրապ Եագուպեան եւ իր «Փորձառական թատրոն»ը ճանչցանք այն տարիներուն, երբ լիբանանահայ գաղութը իր թատերական ոսկեդարը կ'ապրէր, Ժորրժ Սարգիսեանի, Պերճ Ֆազլեանի, Վարուժան Խըտշեանի եւ Գրիգոր Սաթամեանի թատերական ներկայացումներով:

 Ան  իր  թատերական  խումբին  հետ  միասին  եւ  յատկապէս քաղաքացիական պատերազմի շրջանին մնացին պատնեշի վրայ, երբեմն լուրջ թատերախաղերով, երբեմն ընդունելի կատակերգութիւններով եւ երբեմն մանկապատանեկան գործերով:

Զօհրապ Եագուպեան բեմադրած է տասնեակ մը թատերախաղեր, որոնցմէ կրնանք յիշել 1974-ին՝ «Ձեր կեանքի ժամանակը», 1976-ին՝ «Վահագնը», 1977-ին՝  «Պէպաքս»ը, 1978-ին՝ Սարգիս Սարգիսեանի «Պուրճ Համուտ 78»ը,  1980-ին՝ Արա Արծրունիի «Միալար երաժշտութիւն»ը, 1995-ին՝ Մարսէլ Փանիոլի «Փառքի վաշխառուները» եւ այլ գործեր:

1969-ին, Սիմոն Մնակեան եւ Զօհրապ Եագուպեան կը հիմնեն նոր թատրոն՝ «Ինքնատիպ թատերախումբ»ը, եւ  կը ներկայացնեն Վարդգէս Նարկիզեանի «Արա գեղեցիկ»ը, Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը», Լաբիշի «Երջանիկը», ինչպէս նաեւ Յակոբ Փափազեանի «Մըթրին» երգը, Յովհաննէս Թումանեանի «Գիքորը» եւ այլ գործեր։

1983-ին, Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը, գործակցաբար «Փորձառական թատրոն» խումբին, բեմ կը հանեն Իզոտոր Շթոքի «Աստուածային կատակերգութիւն»ը, բեմադրութեամբ՝ Զօհրապ Եագուպեանի:

Զօհրապ կը հիմնէ նաեւ Մեղուներու խումբը, եւ կը բեմադրէ տասնեակ մը թատերախաղեր, զաւեշտներ, երգախառն թատերախաղեր:

Զօհրապը կատարած է նաեւ արաբերէն լեզուով բեմադրութիւններ, Լիբանանցի  տաղանդաւոր  դերասան  Անթուան Քըրպաժի եւ Մունիր Քըսրուանիի եւ  այլ      յայտնի անուններու  հետ»։