image
Հրատապ լուրեր:

Ժաննա Բարսեղեան մասնակցած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ նկարահանուած ֆիլմի մը մէջ

Ժաննա Բարսեղեան մասնակցած է Արեւմտեան Հայաստանի մէջ նկարահանուած ֆիլմի մը մէջ

Ֆրանսայի Սթրազպուրկի նորընտիր հայ քաղաքապետ Ժաննա Բարսեղեանը 2015 թուականին եղած է Արեւմտեան Հայաստան եւ նկարահանուած է ֆրանս–գերմանական «Ճանապարհորդութիւն Անատոլիոյ մէջ» ֆիլմին մէջ, որ կը պատմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ ցուցադրուած է Ֆրանսայի  ու Գերմանիոյ յայտնի հեռուստաընկերութիւններով եւ շարժանկարի թատրոններուն մէջ։

Ֆիլմը նկարելու մասին գաղափարը ծագած է ֆիլմի արտադրիչ Պեռնար Մանճանթէի մօտ, երբ ան իր հայ մտերիմի՝ թարգմանիչ Խաչիկ Տէրտէրեանի ուղեկցութեամբ այցելած էր Արեւմտեան Հայաստան, որմէ ետք ան իր տեսածէն տպաւորուած որոշած է ֆիլմ  նկարել Հայոց ցեղասպանութեան մասին, որուն նկարահանումներուն յաջորդ տարի հրաւիրած է մասնակցելու իր հետ նոյն խումբին մէջ ճանապարհորդած հայ զոյգը, ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Պոլսոյ մէջ ապրող այնպիսի անձեր, որոնց նախնիները փրկուած էին Հայոց ցեղասպանութենէն:

Ֆիլմի սիւժէն հետեւեալն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով աշխարհի տարբեր երկիրներ յայտնուածները մէկ հանրակառքով կը մեկնին ճամբորդութեան Արեւմտեան Հայաստան, որուն ընթացքին մասնակիցները մէկը միւսին կը պատմեն իրենց նախնիներուն հետ տեղի ունեցած ողբերգական պատմութիւնները։

Ֆիլմին մէջ կը մասնակցին Սթրազպուրկէն Ժաննա Բարսեղեանը, Պերլինէն յայտնի հայ երաժիշտ Ստեփան Գանտրալեանը, Հայաստանէն յայտնի  վիրաբոյժ Աննա Սարգսեանը եւ այլք։