image

«Քորոնա»ի դէմ պայքար. Եւրոպայի մէջ հաւաքած են 6 միլիառ եւրօ

«Քորոնա»ի դէմ պայքար. Եւրոպայի մէջ հաւաքած են 6 միլիառ եւրօ

Եւրայանձնաժողովը եւ Global Citizen ոչ կառավարական յանձնաժողովը միջազգային առցանց-մարաթոնի ընթացքին հաւաքած են եւս 6,15 միլիառ եւրօ «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթի ստեղծման նպատակով: Այս մասին յայտնած է Եւրայանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լիայէնը:

Եւրայանձնաժողովը մարաթոնի ժամանակ խոստացած է յատկացնել 4,9 միլիառ եւրօ:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլը յայտնած է, որ Գերմանիան յաւելեալ պիտի տրամադրէ 383 մլն եւրօ: Միւս խոշոր նուիրատւութիւնները ստացուած են ԱՄՆ-էն եւ Գանատայէն:

ԱՀԿ-ի տուեալներով՝ «Քորոնա» ժահրի դէմ արդիւնաւէտ դեղամիջոցներու մշակման ու որոնման աշխատանքներու համար անհրաժեշտ է աւելի քան 31 միլիառ տոլար: