image

Սամուէլ Մարտիրոսեանի բացայայտումը. Կը փորձեն շահարկել սուրիահայերու անունը եւ խաբէութիւն կատարել(Տեսանիւթ)

Սամուէլ Մարտիրոսեանի  բացայայտումը. Կը փորձեն  շահարկել  սուրիահայերու  անունը եւ խաբէութիւն  կատարել(Տեսանիւթ)

Տեղեկատուական անվտանգութեան մասնագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեանը բացայայտած է համացանցային խաբէութեան նոր ձեւ մը, որ այս անգամ սուրիահայերուն կ'առնչուի: Անյայտ մարդիկ, ներկայանալով իբրեւ Հայաստանէն դուրս ապրող սուրիահայ, կը թիրախաւորեն անշարժ գոյք վաճառող մարդոց, կ'ըսեն, որ կ'ուզեն Հայաստանին մէջ բնակարան ձեռք բերել, տեղափոխուիլ Հայաստան: Համակարգչային յանցագործները կը շահին մարդոց վստահութիւնը, անոնց կը համոզեն, որ իրենք միլիոնաւոր տոլարներ ունին, կ'ուզեն Հայաստան բերել եւ անշարժ գոյքի գործակալներէն կը խնդրեն օգնել իրենց այդ հարցով, անոնցմէ դրամատնային քարտի եւ այլ տուեալներ կը կորզեն, որ վտանգաւոր հետեւանքներ կ'ունենայ: 

Խաբէութեան երկրորդ տարբերակին մէջ՝ կը ներկայանան  կէս չափով սուրիահայ զինուորականներ, որոնք  կը թիրախաւորեն յատկապէս կանանց՝ անոնց հետ մտերմիկ յարաբերութիւններ հաստատելու համար եւ կը խնդրեն օգնել իրենց ծանրոցները դուրս բերել Սուրիայէն. ատոր համար անոնք կրկին կը պահանջեն դրամատնային եւ այլ անձնական տուեալներ:  

Սամուէլ Մարտիրոսեանը կը զգուշացնէ՝  խուսափիլ անծանօթներու հետ համացանցով դրամական եւ այլ հարցերու մէջ ներքաշուելէ, չվստահիլ անծանօթներուն, անոնք համակարգչահէններ են, որոնք յետին նպատակներ կը հետապնդեն: 

Տեղեկատւութեան անվտանգութեան մասնագէտը այս մասին մանրամասն կը պատմէ տեսանիւթին մէջ.