Հայաստանի մէջ օրերս ինքնաշարժի արկածով իր մահկանացուն կնքած, հանգուցեալ Փիէռ Ճորճ Ղուկասի (ծնեալ՝ 1994-ին) յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ ուրբաթ, 26 յունիս 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Երեւանի Ս. Գրիգոր Նարեկացի եկեղեցւոյ մէջ: Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին եկեղեցւոյ սրահը:
Իսկ Հալէպի մէջ, դարձեալ այսօր, պիտի կատարուի Հոգեհանգստեան պաշտօն, ժամը 12:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, Ուրուպէ փողոց: Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ, մինչեւ ժամը 3:00, Իսկ կէսօրէ ետք՝ 5:00-էն 8:00:
Նշենք, որ հանգուցեալի հարազատներն ու մայրը «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պարտադրած սահմանափակումներուն պատճառով պիտի չկարողանան ներկայ ըլլալ իրենց զաւակին եւ եղբօր վերջին հրաժեշտի արարողութեան: