image

Հայրենի «Արագած» մարզական ակումբը գուժեց Փիեռ Ժորժ Ղուկասի մահը

Հայրենի «Արագած» մարզական ակումբը գուժեց Փիեռ Ժորժ Ղուկասի մահը

«Արագած» պասքեթպոլի ակումբը իր ինսթակրամեան էջին  յայտարարած է խումբի պասքեթպոլիստ Փիեռ Ղուկասի մահուան մասին։

« «Արագած» պասքեթպոլի ակումբը ցաւով կը յայտնէ խումբի մարզիկի մահուան մասին եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ  ընտանիքին»,- ըսուած է խումբի հաղորդագրութեան մէջ։

Փիեռ Ղուկասը սուրիահայ էր: Մահուան պատճառը ինքնաշարժի արկածն է։

Յիշեցնենք, որ երեքշաբթի երեկոյ հայրենի Կոտայքի մարզին մէջ երեք ինքնաշարժներու մասնակցութեամբ եղած ծանր արկածի հետեւանքով մահացած է հալէպահայ  երիտասարդ Փիեռ Ժորժ Ղուկասը։

Հանգուցեալ երիտասարդը գտնուած է «Նիսսան» մակնիշի  ինքնաշարժին մէջ։ Նոյն կառքին մէջ իրմէ բացի եղած են երեք ուրիշներ, որոնք եւս վիրաւորուած են եւ տեղափոխուած են հիւանդանոց: