image

Ինքնաշարժի ծանր արկածի հետեւանքով զոհուած է հալէպահայ երիտասարդ Փիէռ Ղուկասը

Ինքնաշարժի ծանր արկածի հետեւանքով զոհուած է հալէպահայ երիտասարդ Փիէռ Ղուկասը

Երէկ երեկոյ հայրենի Կոտայքի մարզին մէջ երեք ինքնաշարժներու մասնակցութեամբ եղած ծանր արկածի  հետեւանքով մահացած է հալէպահայ  երիտասարդ Փիէռ Ժորժ Ղուկասը։

Այս մասին տեղեկութիւնը տուած է «Շամշեան»  կայքը, նշելով նաեւ, որ հանգուցեալ երիտասարդը գտնուած է «Նիսսան» մակնիշի  ինքնաշարժին մէջ։ Նոյն կառքին մէջ եղած վարորդը եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուած եւ տեղափոխուած են հիւանդանոց, եւ անոնց վիճակը կայուն է։

«Արեւելք»ի ունեցած  տուեալներով Փիէռ Ժորժ  Ղուկասը Հալէպի  մէջ իրավիճակի բարդացումէ ասդին փոխադրուած եւ հաստատուած է  Երեւան: