image

Time -ի Շապիկը նուիրուած է՝ Ճօրճ Ֆլոյտի սպանութեան խնդրին

Time -ի Շապիկը նուիրուած է՝ Ճօրճ Ֆլոյտի սպանութեան խնդրին

Ամերիկեան Time հանդէսի վերջին թիւի շապիկին յայտնուած են 35 սեւամորթ ամերիկացիներու անունները, որոնք ցեղապաշտութեան զոհ դարձած են ամերիրկեան հասարակութեան մէջ:

Time-ի շապիկը այս անգամ նուիրուած է սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտին, որ սպանուած է 25 մայիսին Մինեապոլիսի ոստիկանութեան նախկին ներկայացուցիչ Տերիք Չաուվինի կողմէ:

Ինչպէս կը հաղորդէ CNN-ը, Յատուկ յօդուածին մէջ, որ ստացած է ընդհանուր «Պառակտուած երկիր» խորագիրը, ներկայիս ցոյցերը կը նկարագրուին որպէս աննախադէպ 1968 թուականէն ի վեր, երբ սպանուած էր քաղաքացիական իրաւունքներու շարժման առաջնորդ Մարթին Լիւթըր Քինկը:   

Յիշեցնենք, որ Ճորճ Ֆլոյտ անունով սեւամորթ իրաւախախտի սպանութիւնը տեղի ունեցած է Մինեսոթա նահանգի Մինեապոլիս քաղաքին մէջ՝ 25 մայիսին: Անկէ ետք ողջ երկրով մէկ օրեր շարունակ չեն դադարիր բողոքի ցոյցերը: Մարդիկ կը պահանջեն խստագոյնս դատապարտել ոստիկան Տերիք Չաուվինը, որ, ծունկով սեղմած պահելով Ֆլոյտի պարանոցը, խեղդամահ ըրած էր զինք, ինչպէս նաեւ միւս երեք ոստիկանները, որոնք կանգնած եղած են դէպքի վայրը եւ ոչինչ ձեռնարկած են տղամարդը փրկելու համար: Ներկայ պահուն բոլոր չորս նախկին ոստիկաններուն մեղադրանք առաջադրուած է: