image
Հրատապ լուրեր:

Ռումանահայ համայնքի օգնութիւնը՝ Դիլիջանին

Ռումանահայ համայնքի օգնութիւնը՝ Դիլիջանին

Ռումանիոյ Ռոման եւ Հայաստանի Դիլիջան քոյր քաղաքներու միջեւ համագործակցութեան խորացման աշխատանքներն ու նախաձեռնութիւնները շարունակելով՝ բարերարներ Էմանուէլ եւ Միհաելա Նազարէթեանները COVID-19 համավարակի դէմ պայքարի ծիրէն ներս Դիլիջան քաղաքի անմիջական կարիքները հոգալու նպատակով Դիլիջանի համայնքապետարանին ցուցաբերած են նուիրատւութիւն, որով ձեռք պիտի բերուի ախտահանման մուտքեր եւ  ջերմաչափեր: Այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի իր էջին տեղեկացուցած է Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը։

«Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ Ռումանիոյ Ռոման քաղաքի պատուիրակութիւնը 22-23 յունիս 2019-ին մասնակցած էր ՀՀ Տաւուշի մարզի Դիլիջան քաղաքին մէջ կայացած «Իմ քայլը յանուն Տաւուշի մարզի» ներդրումային պիզնես ծրագրերու ֆորումին, որուն աւարտին՝ 23 յունիս 2019-ին, ստորագրուած էր Դիլիջան եւ Ռոման քոյր քաղաքներու միջեւ փոխգործակցութեան մասին յուշագրիը` երկու քաղաքներու միջեւ գոյութիւն ունեցող կապերը առաւել ամրապնդնդելու եւ փոխգործակցութիւնը զարգացնելու նպատակով: Նախաձեռնութեան իրականացման գործին մեծ է Ռումանահայոց միութեան Ռոմանի մասնաճիւղի նախագահ, բժիշկ-համաճարակաբան Էմանուէլ Նազարէթեանի աւանդը:

Շարունակելով երկու քոյր քաղաքներու միջեւ համագործակցութեան խորացման աշխատանքներն ու նախաձեռնութիւնները` բարերարներ Էմանուէլ եւ Միհաելա Նազարէթեանները, COVID-19 համավարակի դէմ պայքարին Դիլիջան քաղաքի անմիջական կարիքները հոգալու նպատակով, Դիլիջանի համայնքապետարանին ցուցաբերած են նուիրատւութիւն:

Համաձայն Դիլիջանի համայնքապետարանի տրամադրած տեղեկատւութեան, նուիրաբերուած միջոցներով, քաղաքի առաջնային կարիքներուն համար օրերս ձեռք պիտի բերուին ախտահանման մուտքեր եւ ինֆրակարմիր ջերմաչափեր»,- նշուած է դեսպանութեան գրառման մէջ: