image

Վրաստանը ամենաանվտանգ երկիրներու շարքին. Forbes

Վրաստանը ամենաանվտանգ երկիրներու շարքին. Forbes

Forbes ամսագիրը Վրաստանը ներառած է եօթ երկիրներու շարքին, որոնք կրնան հիմնական զբօսաշրջային ​​ուղղութիւններ դառնալ «Քորոնա» ժահրային համավարակէն ետք, կը յայտնէ Georgia-News-ը:

Rising Stars in Travel վերնագրով յօդուածին մէջ Վրաստանը կը յիշատակուի Եթովպիոյ, Իրանի, Միանմարի, Ֆիլիփիններու, Սլովենիայի եւ Թունիսի հետ միասին:

Ըստ հեղինակի՝ մինչ համաշխարհային զբօսաշրջային արդիւնաբերութիւնը աննախադէպ անկում կ'ապրի, շատ երկիրներ կը պատրաստուին արտասահմանեան այցելուներու ներհոսքին, եւ անոնցմէ որոշներուն համար ճգնաժամը կրնայ իր մասին յայտարարելու հիանալի առիթ դառնալ:

«Վրաստանը արդէն կովկասեան տարածաշրջանի ամենաիտիլիական ուղղութիւններէն մէկը դառնալու ճանապարհին է: Սկսեցէք ձեր ճանապարհորդութիւնը երկրի մայրաքաղաքէն: Թիֆլիսը հմայիչ քաղաք է, որ լեցուն է Մտկվարի գետի երկայնքով տեղակայուած հին եկեղեցիներով եւ ճաշարաններով»,- նշուած է յօդուածին մէջ:

Յօդուածի հեղինակը նաեւ խորհուրդ կու տայ այցելել երկրի արեւմուտքը գտնուող փոքրիկ գեղեցիկ քաղաքներ, վայելել վրացական գեղեցիկ բնութիւնը, ինչպէս նաեւ համտեսել վրացական գինին, քանի որ Վրաստանը երկրի ամենահին գինեգործական տարածաշրջաններէն մէկն է:

Նշենք, որ 1 Յուլիսէն Վրաստանը պիտի բանայ իր սահմանները զբօսաշրջութեան համար, բայց ոչ բոլորին համար: