image

Պրազիլիա. Փորձարկման դրուած է անգլիական պատուստանիւթ մը

Պրազիլիա. Փորձարկման դրուած է անգլիական պատուստանիւթ մը

Պրազիլի Առողջապահութեան ոլորտին մէջ վերահսկողութիւն իրականացնող Anvisa ազգային գործակալութիւնը թոյլատրած է Բրիտանիոյ մէջ մշակուած «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթի փորձարկումներ սկսիլ կամաւորներու վրայ:

Ինչպէս կը յայտնէ «Ռիա Նովոսթի»-ն, Anvisa-էն տեղեկացուցած են, որ պատուաստանիւթը ստեղծուած է Օքսֆորտի համալսարանի մասնագէտներու կողմէ: Այն փորձարկելու մասին յայտը ներկայացուցած է Astrazeneca անգլո-շուէտական դեղագործական ընկերութեան պրազիլական բաժանմունքը:

ChAdOx1 nCov-19 անուանումը ստացած պատուաստանիւթի նախաքլինիքական փորձարկումները կենդանիներու վրայ, ինչպէս նաեւ քլինիքական փորձարկումներու առաջին փուլը մարդոց վրայ իրականացուած են Անգլիոյ մէջ: Արդիւնքները կը վկայեն, որ այն անվտանգ է:

Պրազիլը «Քորոնա» ժահրով վարակման ցուցանիշով երկրորդ երկիրն է ամբողջ աշխարհին մէջ՝ աւելի քան 560 հազար դէպքով: Մահացութեան ցուցանիշը հարաւամերիկեան երկրին մէջ գերազանցած է 30 000-ը: