image

Աշխարհի մէջ վարակակիրներու թիւը հատեց 6,5 մլիոնը

Աշխարհի մէջ վարակակիրներու թիւը հատեց 6,5 մլիոնը

Ամբողջ աշխարհի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը հասած է 6 518 109-ի: Այս մասին կը վկայեն worldometers.info կայքի տուեալները:

Անոնցմէ աւելի քան 3,1 մլն-ը ապաքինուած է, 384 808 մարդ մահացած է: Վարակուածներու 2 տոկոսը (54 242 մարդ) ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի:

«Քովիտ-19»-ով վարակման ամէնէն շատ դէպքերը գրանցուած են Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ աւելի քան 1,8 մլն մարդ: ԱՄՆ-ին կը յաջորդեն Պրազիլը (560 737), Ռուսաստանը (432 277):

Մահացութեան ցուցանիշով առաջատարը աշխարհի մէջ դարձեալ ԱՄՆ-ն է, ուր 108 608 մարդ զոհ գացած է հիւանդութեան:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տուեալներով՝ «Քորոնա» ժահրով վարակման նուազագոյն ցուցանիշ գրանցուած է Եւրոպայի մէջ, մինչդեռ վարակման ընթացքի աճ գրանցուած է Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկաներու մէջ: